2015-07-08 11:55:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Հարաւային Ամերիկա առաքելութեան երկրորդ հանգրուանը` Պոլիվիան։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի` 8 յուլիս 2015-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրաժեշտ առնելով Էքուատորէն փոխադրուեցաւ Լատին Ամերիկեան առաքելական ճամբորդութեան երկրորդ հանգրուան հանդիսացող երկիր` Պոլիվիա ուր ժամանեց տեղական ժամով 16,15-ին (Հռոմի ժամով 22,15)։

Նշենք թէ Պոլիվիայի միջազգային Էլ Ալթօ օդակայանը աշխարհի ամենաբարձր տարածքի վրայ գտնուող օդակայանն է` ծովէն 4 հազար մեթր բարձրութեան վրայ։ 

Էլ Ալթօ օդակայան ժամանելուն Ֆրանչիսկոս Պապը կը դիմաւորուի Պոլիվիայի Նախագահէն Տիար  Էվօ Մորալեսէն, ի ներկայութեան պետական եւ եկեղեցական բարձրաստիճան իշխանութիւններուն ու ապա նախագահն ու Պապը հետիոտն կ՛ուղղուին մօտակայ ''Բարի գալուստի'' պաշտօնական արարողութեան վայրը, ուր համախմբուած են 500 հազար հաւատացեալներ։

Երկու երկիրներու պաշտօնական քայլերգերու հնչեցումէն ու զինուորական յարգանքէն ետք տեղի կ՛ունենայ երկու պատուիրակութիւններու ներկայացում, ապա Նախագահ Մորալէսի բարի գալուստի խօսքը հուսկ  Ֆրանչիսկոս Պապին Պոլիվիայի առաքելական ճամբորդութեան առաջին ճարը։

Արարողութեան աւարտին Սրբազան Հայրը` քահանայապետական ինքնաշարժով  շրջանը կ՛ընէ տարածքին, ողջունելով հաւատացեալները, ապա կ՛ուղղուի Լա Փասի  առաջնորդարան ուր հակիրճ դադարէ մը ետք կ՛ուղղուի Լա Փասի կառավարիչի պալատ  որ կը գտնուի առաջնորդարանէն 150 մեթր հեռաւորութեան վրայ, պաշտօնական այցելութիւն տալու Պոլիվիայի նախագահ` Էվօ Մորալէսին, որ 2014-ին երրորդ անգամուան համար, վերընտրուեցաւ որպէս երկրին նախագահ եւ որ 28 հոկտեմբեր 2014-ին Ժողովրդական շարժումներու առաջին հանդիպումին առթիւ Վատիկանի մէջ հանդիպած էր Ֆրանչիսկոս Պապին։

Օդակայանէն դէպի Լա Փաս տանող  Ճանապարհին վրայ Սրբազան Հայրը պահ մը կանգ կ՛առնէ Յիսուսեան Հայր Լուիս Էսփինալի սպանութեան վայրին մօտ օրհնելու համար զայն։ Յիսուսեան միաբանութեան անդամ  Հայր Լուիս Էսփինալ Քամբս` սպաննուած է 21 մարտ 1980-ին` մարդկային իրաւունքներու ի սպաս իր մղած պայքարին համար։

Նախագահին տուած այցելութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը կը փոխադրուի մօտակայքը գտնուող ''Nuestra Senora de La Paz'' աթոռանիստ եկեղեցի ուր նախատեսուած է հանդիպումը քաղաքացիական աշխարհի ներկայացուցիչներուն հետ որուն աւարտին դարձեալ կը փոխադրուի օդակայան ուղտերէն կը մեկնի դէպի Սանթա Քրուզ որ կը հանդիսանայ Ֆրանչիսկոս Պապին Պոլիվիա կատարած առաքելական ճամբորդութեան երկրորդ հանգրուանը ուր կը ժամանէ տեղական ժամով 21,15-ին (Հռոմի ժամով 03,15-ին) ու կը փոխադրուի Կարդինալ Խուլիօ Թերրացաս Սանտովալի` Սանթա Քրուսի վաստակաւոր Արքեպիսկոպոսի բնակարան, տրուած ըլլալով որ առաքելական նուիրականութիւնը կը գտնուի Լա Փասի մէջ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.